Սոյն ուսումնասիրութեամբ հեղինակը անդրադարձած է 2020-2025 թթ․ Պաքուի սանձազերծած պատերազմներուն, ցեղային զտման եւ ռասայական խտրականութեան հետեւանքով Արցախի պատմական հայկական մշակութային ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման եւ իւրացման քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան միջազգային պաշտպանութեան գործիքակազմին։
Մենագրութեան մէջ կը քննուին զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջազգային համակարգը, Պաքուի կողմէ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան՝ միջազգային սկզբունքներու դիտանկիւնէն ապօրինի թիրախաւորման դէպքերը, անոր ոչնչացման եւ իւրացման միջոցները։ Կը ներկայացուին մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջազգային կանոնակարգերը, իրաւական եւ մարդասիրական գործիքակազմը (միջազգային ուխտեր, հռչակագրեր, բանաձեւեր, կանոնադրութիւններ, սովորութային չափանիշներ)՝ ի պաշտպանութիւն Պաքուի կողմէ վանտալիզմի ենթարկուած Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան։
Ակադեմական յօդուածներու, գիրքերու, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, ՄԱԿ-ի, ԻՔՕՄՕՍ-ի, Եւրոպայի խորհուրդի, Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերու, Հռոմի կանոնադրութեան, տեսական եւ իրաւական համապատասխան փաստաթուղթերու ուսումնասիրութիւնը կարելիութիւն տուած է գտնելու Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղիները՝ համամարդկային արժէքներու պահպանութեան կարեւորութեան, քաղաքական իրավիճակէն անկախ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի գործադրման եւ մշակոյթի իրաւունքի յարգանքի ծիրին մէջ։
Նախատեսուած է մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ զբաղող մասնագէտներու, պետական կառոյցներու, գիտական հաստատութիւններու, ուսանողներու եւ արցախահայութեան մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեամբ ու պահպանութեամբ մտահոգ ընթերցողներու լայն շրջանակի համար։
Մենագրութիւնը լոյս տեսած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչատան կողմէ։
