Լոյս տեսաւ «Սիւնիքի աշխարհի բերդերը՝ Թ-ԺԱ դարեր» աշխատութիւնը

  • by Hasmik Karapetyan, October 01, 2026 in Լուրեր
99 դիտում

ՀԲԸՄ «Վահրամ Ապտալեան» մշակութային հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ լոյս տեսած է հիմնադրամի 12-րդ հրատարակութիւնը՝ Արա Զարեանի «Սիւնիքի աշխարհի բերդերը Թ-ԺԱ դարեր» աշխատութիւնը։

Գիրքը նուիրուած է Սիւնիքի աշխարհի միջնադարեան բերդերուն եւ կը ներկայացնէ տարածաշրջանի պատմամշակութային ժառանգութիւնը։ Հատորը հասանելի է անվճար ներբեռնման համար։

«Վահրամ Ապտալեան» մշակութային հիմնադրամը հիմնադրուած է 1982 թուականին՝ Վահէ Վահեանի կողմէ։ 2015 թուականին հիմնադրամը վերսկսած է իր գործունէութիւնը եւ կը շարունակէ աշխատանքը վեց անդամէ բաղկացած Գնահատիչ յանձնախումբի հովանիին ներքոյ։