Լքուած մանկապարտէզը՝ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքի միակ կացարանը

  • by Editbeglari, September 01, 2026 in Լուրեր
87 դիտում

Արցախէն տեղահանուած 52-ամեայ Գայանէ Միրզոյեանը ամուսնոյն հետ արդէն չորս ամիս է, որ կ՚ապրի Երեւանի կիսաքանդ մանկապարտէզի շէնքին մէջ, ուր ջուր, ելեկտրականութիւն եւ նոյնիսկ բաղնիք չկայ։ Կինը կը տեղաշարժուի սայլակով․ ցրտահարութեան հետեւանքով անոր ոտքերը անդամահատուած են։

Մինչեւ պետութեան կողմէ վարձավճարի աջակցութեան դադրեցումը ընտանիքը վարձով բնակարան կը մնար։ Դրամի բացակայութեան պատճառով անոնք յայտնուած են փողոցը, ապա՝ աղբատարին կից նկուղի մը մէջ, ուր Գայանէի ոտքերը ցրտահարուած են։

Այժմ ան հաշմանդամութեան կարգ, թոշակ կամ պետական որեւէ աջակցութիւն չունի։ Հակառակ բրոթեզաւորման եւ նպաստի հնարաւորութեան մասին տեղեկութիւններուն՝ Գայանէ չի գիտեր, թէ ինչպէս կրնայ ստանալ այդ աջակցութիւնը եւ կը շարունակէ ապրիլ անմարդկային պայմաններու մէջ։