Կոստանդնուպոլսոյ մէջ նշուած է հայկական եկեղեցւոյ 200-ամեակը

  • by Hasmik Karapetyan, October 02, 2026 in Լուրեր
97 դիտում

Կոստանդնուպոլսոյ Եշիլքէօյ թաղամասին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ նշուած են Սուրբ Ստեփանոս հայկական եկեղեցւոյ 200-ամեակը եւ Եշիլքէօյի հայկական վարժարանի 70-ամեակը։

Միջոցառման մասնակցած են Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան, արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան, հոգեւորականներ, եկեղեցւոյ հիմնադրամի եւ վարժարանի ներկայացուցիչներ, աշակերտներ ու հիւրեր։

Յոբելեանին առիթով եկեղեցւոյ բակին մէջ բացուած է Հայաստանի մէջ պատրաստուած խաչքար մը՝ քանդակագործ Արտակ Համբարձումեանի հեղինակութեամբ։ Խաչքարը կը խորհրդանշէ համայնքի միութիւնն ու համերաշխութիւնը։

Տօնական երեկոյին հնչած են Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի, Ֆրանց Շուպերթի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները։ Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած են տուտուկահար Գագիկ Գասպարեան, մեցցօ-սոփրանօ Լեռնա Պալօղլու Աքպուլութ եւ սարկաւագ Էտվին Կալիպեան։