Ֆրանսայի Էքս Ան Պրովանս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ, որը նուիրուած էր Արեւմտեան Հայաստանի եւ ողջ հայութեան ապագային։ Համերգը ուղեկցուեցաւ շարք մը բանախօսութիւններով, որոնք շոշափեցին հայոց պատմութեան եւ ներկայիս մարտայրաուերներու կարեւորագոյն հարցերը։
Մասնաւորապէս, քննարկուեցաւ 1894-1923 թթ. մինչեւ մեր օրերը Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ցեղասպանութիւնը, որը համակարգուեցաւ երեք յաջորդական թիւրքական կառավարութիւններու կողմէն։ Աս ողբերգութեան շարունակութիւնը դեռեւս կը շարունակուի 2023 թուականին, երբ Ատրպէյճանը ցեղասպանական քաղաքականութիւն կը վարէ Արցախին հայերու նկատմամբ։
Բանախօսներու շարքին մէջ էին սենատոր Բրիջիտ Դեւեզան եւ Վարդան Սիմոնեան, ովքեր հիւրընկալեցին յայտնի պատմաբան Վենսան Դիւքլերին՝ «Հայաստան. անվերջ ցեղասպանութիւն եւ մարող աշխարհ» գիրքին յեղինակին։ Անոնք անդրադարձան այն հարցին, թէ ինչ ապագայ կը սպասուի հայ ազգին եւ ցեղասպանութենէ փրկուածներու սերունդները։
Քննարկմանը մասնակցեց Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան, ով ՄԱԿ-ին մէջ կը ներկայացնէ եւ կը պաշտպանէ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու շահերը։
