«Հայեացքն Արցախին»․ Հայկ Պետրոսեան

  • by Editbeglari, September 05, 2026 in Լուրեր
133 դիտում

«Հայեացքն Արցախին» հաղորդման հիւրը արուեստագէտ Հայկ Պետրոսեանն է։ Անոր կապը Արցախի հետ սկսած է դեռ 13 տարեկանին, իսկ 2020-ին ան Արցախ մեկնած է պատերազմի օրերուն՝ կանգնելով զինուորին կողքին։

Պետրոսեանի խօսքով՝ Արցախը պարզապէս տարածք չէ․ անիկա ապրուած ժամանակ է, մարդոց յիշողութիւն, հարազատ միջավայր ու զգացում, որ կը շարունակէ ապրիլ իր մէջ։

Հաղորդման ընթացքին ան անդրադարձած է նաեւ Արցախի մէջ իր ապրած փորձառութիւններուն՝ ընդգծելով այն առանձնայատուկ կապը, որ տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած է իր եւ Արցախի միջեւ։