Հայկական արմատներով, ֆրանսական հոգիով․ Անրի Թրուայա 

  • by WesternArmenia, November 02, 2026 in Լուրեր
97 դիտում

Ֆրանսացի անուանի գրող, կենսագիր եւ պատմաբան Անրի Թրուայա, որուն ծննդեան օրը Նոյեմբեր 1-ն է, իր հարուստ ստեղծագործութեամբ նշանակալի հետք ձգած է համաշխարհային գրականութեան մէջ՝ միաւորելով ֆրանսական մշակոյթը, ռուս գրականութիւնն ու հայկական արմատները։

1911 թուականին Մոսկուա, Թորոսեաններու ընտանիքին մէջ ծնած գրողը մանկութեան տարիներուն ականատես եղած է Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան իրադարձութիւններուն։ Ընտանիքին գաղթի ուղին Նովոռոսիյսքով եւ Կոստանդնուպոլսով հասած է Ֆրանսա, ուր Թրուայա հետագային կազմաւորուած է իբրեւ ֆրանսերէն գրող։ 1938 թուականին իր առաջին՝ «Սարդը» վէպին համար արժանացած է Կոնկուրեան մրցանակին, իսկ 1959-ին ընտրուած՝ Ֆրանսական ակադեմիայի անդամ։

Աւելի քան հարիւր հատոր ընդգրկող անոր գրական ժառանգութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն ռուս գրականութեան մեծերուն՝ Փուշքինին, Տոսթոյեւսկիին, Թոլսթոյին, Չեխովին եւ Կոկոլին, ինչպէս նաեւ ռուս միապետներուն նուիրուած կենսագրական աշխատութիւնները։

Հակառակ Ֆրանսա հաստատուելուն՝ Թրուայա երբեք չէ մոռցած իր հայկական ծագումը։ Ան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ անդրադարձած է հայ ժողովուրդի պատմութեան, Հայերու ցեղասպանութեան եւ գաղթի ճակատագրին։ Անոր աջակցութեամբ է նաեւ, որ Անրի Վերնոյ ձեռնամուխ եղած է իր ընտանեկան յիշողութիւնները գրի առնելու գործին, որմէ ծնած է «Մայրիկ» գիրքը, որ հետագային հիմք դարձած է համանուն ժապաւէնին։

Անրի Թրուայա մահացած է 2007 թուականին՝ ձգելով գրական հարուստ ժառանգութիւն եւ իր անունը արձանագրելով ֆրանսական ու հայկական մշակոյթներու պատմութեան մէջ։