«Հայկական մոթիվներ»․ գրական կամուրջ մը ժողովուրդներու, ժամանակներու եւ յիշողութեան միջեւ

  • by Editbeglari, September 09, 2026 in Լուրեր
107 դիտում

Մոսկուայի մէջ լոյս տեսած է «Հայկական մոթիվներ» երկհատորեակի առաջին հատորը, որ կ՚ընդգրկէ տարբեր երկիրներու մէջ բնակող ժամանակակից ռուսալեզու հեղինակներու արձակ ստեղծագործութիւնները։

Ժողովածուն ստեղծուած է համանուն միջազգային գրական մրցոյթի շրջանակին մէջ։ Մրցոյթի մասնակիցները միաւորած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բազմադարեայ պատմութեան, մշակոյթին եւ հոգեւոր ժառանգութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը։

Առաջին հատորին մէջ ներկայացուած ստեղծագործութիւններուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն ինքնութեան, պատմական յիշողութեան, արմատներու, հայրենիքի եւ սերունդներու միջեւ կապի նիւթերը։ Հեղինակները կ՚անդրադառնան նաեւ գոյատեւման պայքարին, աքսորի եւ գերութեան ընտանեկան պատմութիւններուն, Հայաստանին ու Արցախին, ինչպէս նաեւ տարբեր ժողովուրդներու պատմական առնչութիւններուն։

Նախատեսուած է նաեւ երկրորդ հատորի հրատարակութիւնը, ուր պիտի ընդգրկուին Հայաստանի, Ռուսաստանի, Գերմանիոյ, Իսրայէլի եւ Ղազախստանի հեղինակներու՝ Հայաստանին, անոր պատմութեան, մշակոյթին, բնութեան եւ հայ ժողովուրդի ճակատագրին նուիրուած բանաստեղծութիւնները։

«Հայկական մոթիվներ» երկհատորեակը կը ներկայացուի ոչ միայն որպէս գրական ժողովածու, այլեւ որպէս մշակութային երկխօսութեան հարթակ, ուր կը հանդիպին տարբեր ժողովուրդներ, սերունդներ եւ գրական աւանդութիւններ։

Ժողովածուին գլխաւոր գաղափարներէն մէկն այն է, որ ժողովուրդի պատմական յիշողութիւնն ու մշակոյթը կը շարունակեն ապրիլ, քանի դեռ անոնք սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին եւ կը դառնան նոր ստեղծագործութիւններու ներշնչման աղբիւր։ Այս իմաստով «Հայկական մոթիվները» իւրայատուկ գրական կամուրջ մըն են՝ ժողովուրդներու, ժամանակներու, յիշողութեան եւ մշակոյթներու միջեւ։