Հայկական հին հաւատամք, որը շատերը չիմացութեան պատճառաւ հեթանոսութիւն կ՚անուանեն։
Հեթանօս բառին արմատը էթնօսն է, այն յունարենէն թարգմանաբար կը նշանակէ բնիկ, տեղացի։
Գրիգոր «լուսաւորիչը» որը ունէր պարթեւաասորական ծագում, երբ կրցաւ հասնիլ անոր որ քրիստոնեութիւնը Հայքին մէջ ընդունուեցաւ որպէս պետական կրօն, ան չ՚ըլլալով հայ, հեթանօս կ՚անուաներ բոլոր այն հայերը որոնք հաւատարիմ էին մնացած իրենց նախնեաց հաւատամքին` Հայկ նահապետին ուսմունքին։
Հայը, դարեր շարունակ ունենալով իր լեզուն ու մշակոյթը, իր ուսմունքը չէր կրնար անուանակոչիլ յունարէն անուամբ։ Հաւատամքը կը կոչուի Հայկեան ուսմունք, իսկ այն կրողները Հայկազուններ կամ Արեւորդիներ։
Ուսմունքը կրոնէն կը տարբերուի անորով, որ կրօնը ազգութիւն չի ճանչնար, եւ այն գլոբալիստական արժէքներ կը պարունակէ իր մէջ, իսկ ցանկացած ուսմունք կը ձեւաւորուի տուեալ ազգին աշխարհայացքին, կենցաղին, մշակոյթին եւ սովորոյթներու հիման վրայ։
Այն թիւր կարծիքը, որ հայկական հին հաւատամքին մէջ բազմաստուածութիւն է եղած, ճիշտ չէ։ Նախ սկսենք անկէ, որ մեր նախնիները օգտագործած են ոչ թէ աստուածներ, այլ դիցեր տերմինը, աստուած բառը հայկական չէ, այն փոխառութիւն է։
Հայկեան հաւատամքին մէջ գոյութիւն ունէ Արարիչ յասկացողութիւնը. այն ոյժը, որը արարած է մեզի շրջապատող ամէն ինչը` երկիրը, երկինքը եւ առհասարակ ողջ տիեզերքը: Ոյժ, կայ ցանկացած մարդու մէջ, կայ նաեւ այն փոքրիկ սերմին մէջ, որը, հողին մէջ յայտնուելով, հսկայական ծառի կը վերածուի։
Դիցերը արարչական ոյժի որակներն են (խորհրդանիշերը), օրինակ Վահագնը կը խորհրդանշէ քաջութիւնը, Աստղիկը՝ սէրը, Անահիտը՝ մայրութիւնը ու պտղաբերութիւնը, Տիրը՝ գիտութուն եւ այլն։
Եթէ Քրիստոնեութեան մէջ կը տարբերակուի Աստուածային երորդութիւնը` Հայր, Որդի, Սուրբ հոգի, ապա ինչու այլ ուսմունքներու մէջ չի կրնար երեքին փոխարէն ըլլալ հինգ, ութ, կամ տաս որակումներ։
Հայկեան ուսմունքին մէջ կը տարբերակենք արարչական ոյժի ութ որակումներ, որոնց կ՚անուանենք դիցեր.Արամազդ, Անահիտ, Վահագն, Աստղիկ, Տիր, Նանէ, Միհր եւ Սանդարամետ։
Ի տարբերութիւն շատ այլ ուսմունքներու ու կրօններու, որոնց մեծ մասը կառուցուած են հեքիաթներու ու հորինուածքներու վրայ, Հայկեան ուսմունքը ամբողջութեամբ հիմնուած է տարբեր գիտություններու վրայ։ Հայկեան ուսմունքին մէջ ամէն մարդ ինքը կը կերտէ իր ճակատագիրը, ամէն մարդ հէնց ինքն է իր Արարիչ է, քանի որ մարդն ալ օժտուած նօր կեանք արարելու ունակութեամբ։ Հայկեան ուսմունքին մէջ դիցերը երկնքին մէջ կամ այլ տեղ չենք փնտրեր, դիցերը հէնց մեր մեջ են։ Երբ ինչ-որ մէկը զէնքը ձեռքը կը մարտնչէ ոսոխին դէմ անոր մէջ կ՚արթնան Վահագնի ունակութիւնները, սիրահարուելու պարագային անոր մէջ կ՚արթնանայ Աստղիկ դիցուհիին սէրը, կինը երբ պետք է մայրանայ անոր մէջ կ՚արթնանայ Անահիտ դիցուհիին ունակութիւնները եւ այլն։
Քաջիկ Ստեփանեան
