Հայ Մարիա Կապրելեան ընտրուած է Սիւրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր 

  • by Editbeglari, July 19, 2024 in Լուրեր
290 դիտում

Սիւրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու դատական բարձրագոյն հանձնաժողովը յայտարարած է խորհրդարանի ընտրուած 250 պատգամաւորներու անունները։

Պատգամաւոր է ընտրուած հայ ազգի միասնական թեկնածու Մարիա Մանուկ Կապրելեան։ Ան Սիւրիոյ խորհրդարանի օրէնսդրական 4-րդ նստաշրջանի ընտրութիւններու արդիւնքով ընտրուած միակ հայ պատգամաւորն է։

ՏԱՍՍ-ի փոխանցմամբ՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան ցուցանիշը կազմած է 38,16 տոկոս։

Սիւրիոյ իշխող Ազգային առաջադիմական ճակատը, որը կը գլխաւորէ Արաբական սոցիալիստական ​​վերածնունդ կուսակցութիւնը, պահպանած է խորհրդարանական մանդատներու մեծամասնութիւնը՝ 184, մինչդեռ անկախ պատգամաւորները ստացած են 66 մանդատ։