2020 թուականի Արցախեան պատերազմի ընթացքին Քաշաթաղի շրջանէն հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուեցան աւելի քան 70 հայորդիներ, որոնցմէ 6-ը՝ Աղաւնոյի հովիտէն։
Անոնց շարքին էր Մոշաթաղ գիւղի բնակիչ Գոռ Հակոբի Գասպարեան։ 1993 թուականի Հոկտեմբեր 20-ին ծնած Գոռը դաստիարակուած էր Մոշաթաղի մէջ՝ հայրենասէր ընտանիքի մէջ։ Զինուորական ծառայութիւնը անցուցած էր Մեխակաւանի (Ջաբրայիլ) մէջ եւ մասնակցած նաեւ 2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեային։
2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին պատերազմի սկիզբէն Գոռ գիւղի միւս կամաւորներուն հետ անմիջապէս մեկնեցաւ առաջնագիծ։ Սեպտեմբեր 30-ին՝ Ջաբրայիլի 101-րդ դիրքին, Մայր Արաքսի ափին ընթացող մարտերուն ժամանակ ան նահատակուեցաւ՝ պաշտպանելով հայրենի հողը։
Գոռի հետ նոյն զօրամասին մէջ ծառայած եղբայրը՝ Հրաչը, նոյնպէս մասնակցած էր պատերազմին։ Գոռի ընտանիքը զինք կը յիշէ որպէս հայրենասէր, բարեսիրտ եւ համայնքային կեանքին մէջ աշխոյժ երիտասարդ։
2020 թուականի պատերազմէն ետք Քաշաթաղի ազատագրուած եւ վերաբնակեցուած տարածքները, ներառեալ Աղաւնոյի հովիտը, անցան Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։
