Համազգայինի Քուեպէքի «Սանահին» մասնաճիւղի «Փոքրերու պատմութեան ժամ»ի 2026-2027 ուսումնական տարուան առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 25-ին՝ Կէօնճեան կեդրոնին մէջ։
Հանդիպման ընթացքին Սիլվի Օգճեան երեխաներուն ներկայացուց եւ ընթերցեց «Դէպի Արարատ լեռ» եւ «Հպարտ հայ» պատմութիւնները։ Ջերմ ու աշխոյժ մթնոլորտի մէջ երեխաները զրուցեցին հայ ժողովուրդի, հայկական ինքնութեան եւ Թարգմանչաց տօնին մասին։
Ընթերցումէն ետք փոքրիկները մասնակցեցան ստեղծագործական աշխատանքի՝ գունաւորելով եւ զարդարելով իրենց անուններով պատրաստուած թուղթերը, որոնք նախատեսուած են ընթերցանութեան անկիւնին համար։
Հանդիպման մասնակցեցան մեծ թիւով երեխաներ, որոնք իրենց աշխոյժ մասնակցութեամբ զայն վերածեցին ուրախ ու հետաքրքրական ձեռնարկի։ Յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է Հոկտեմբեր 30-ին։
