Հոկտեմբեր 10-ին՝ ժամը 13։00-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Երեւանեան Առաքելութեան մէջ, տեղի պիտի ունենայ հանդիպում Արցախի հայութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի միջեւ։
Հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին Արցախահայութեան իրաւունքներուն առնչուող շարք մը կարեւոր հարցեր, առկայ խնդիրներն ու մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց լուծման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան հնարաւոր ուղիները։
Հանդիպման կրնան մասնակցիլ բոլոր հետաքրքրուած անձերը։
Մուտքը ազատ է։
Հասցէ՝ Ագաթանգեղոս 2/2, Երեւան
