1922 թուականի Սեպտեմբերին Զմիւռնիոյ հրդեհին եւ ջարդերուն հետեւանքով հազարաւոր հայ եւ յոյն փախստականներ ապաստանեցան նաւահանգիստին մէջ։ Այդ ողբերգական օրերուն ճափոնական «Թոքէյ Մարու» նաւուն նաւապետ Տ. Նորիթոն հրամայեց ծովը նետել նաւուն թանկարժէք բեռը եւ փրկել աւելի քան 800 փախստականներ։
Հակառակ թրքական կողմին սպառնալիքներուն՝ նաւապետը մերժեց զանոնք յանձնել եւ նաւը հասցուց Յունաստան՝ ապահովելով փրկուածներուն անվտանգութիւնը։ Անոր արարքը մինչեւ այսօր կը յիշատակուի իբրեւ մարդասիրութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան բացառիկ օրինակ։
Շուշաննա Հայասա
