Մագդալենա Գրոնոն հանդիպած է տեղահանուած արցախցիներուն հետ 

  • by Editbeglari, September 16, 2026 in Լուրեր
109 դիտում

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի տագնապի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօ «X» միկրոպլոկի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է, որ Երեւանի մէջ հանդիպած է ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանին, Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեանին, Արտաքին Գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանին, այլեւ առիթը ունեցած է դարձեալ շփուելու Երեւան գտնուող՝ տեղահանուած ղարաբաղցի հայերու խումբերու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ՝ լսելու անոնց կացութեան եւ մտահոգութիւններուն մասին։