Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցուած է եւ երեխայ մը մկրտուած է

  • by Editbeglari, July 27, 2026 in Լուրեր
113 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիա քաղաքին մէջ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն (Թաշհորան) հայկական եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցուած է, ինչպէս նաեւ կատարուած է երեխայի մը մկրտութեան արարողութիւնը։

Բազմաթիւ դժուարութիւններու հակառակ՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող հայերը կը շարունակեն պահպանել իրենց ազգային եւ քրիստոնէական աւանդութիւնները՝ եկեղեցին վերածելով համայնքային եւ հոգեւոր կեանքի կարեւոր կեդրոնի։

Տեղեկութիւնը մեր խմբագրութեան փոխանցած են Արեւմտեան Հայաստանի մեր պատգամաւորները։