Ստամբուլի մէջ գործող Մալաթիոյ HAYDer միութիւնը հանրութեան ներկայացուցած է իր նոր նախագիծը, որուն նպատակն է բացայայտել մասնագիտական կեանքին մէջ մեծ յաջողութիւններ եւ ձեռքբերումներ արձանագրած մալաթիացի հայերը։
Աղբիւրին համաձայն՝ «Մեր միջի արժանաւորները» խորագիրը կրող նախագիծին ծիրէն ներս կազմակերպուած առաջին հանդիպման հերոսը սրտանօթային վիրաբոյժ, դոկտոր, փրոֆեսոր Մուրատ Ուղուրլուճանն էր։
Սեպտեմբեր 28-ին՝ Երկուշաբթի երեկոյեան, Պէյօղլուի Երեք Խորան եկեղեցւոյ Նարեկեան սրահին մէջ կազմակերպուած միջոցառումը համախմբած էր մեծ թիւով մասնակիցներ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մալաթիոյ HAYDer միութեան նախագահ Նուպար Օփան։ Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ օրուան գլխաւոր հիւրը՝ Մուրատ Ուղուրլուճանը, որ ոչ միայն պատմեց իր կեանքի ուղիին մասին, այլեւ պատասխանեց մասնակիցներուն՝ սրտի առողջութեան վերաբերող հարցումներուն։
«Մեր միջի արժանաւորները» նախագիծին նպատակն է տարբեր բնագաւառներու մէջ յաջողութիւններ արձանագրած մալաթիացի հայերը բացայայտել եւ հանրութեան ներկայացնել։ Հետագային նախատեսուած է նման հանդիպումներ կազմակերպել Մալաթիոյ այն հայերուն հետ, որոնք մեծ ձեռքբերումներ ունեցած են գիտութեան, գործարարութեան, արուեստի, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ։
