Մարալ Տինքը՝ Ուիլիամ Սարոյեանի անուան մրցանակի թեկնածու

  • by Editbeglari, September 05, 2026 in Լուրեր
88 դիտում

Մարալ Տինքը ընդգրկուած է Երեւանի Գիրքի փառատօնի ծիրին մէջ կազմակերպուող Ուիլիամ Սարոյեանի կարճ պատմուածքի մրցանակի 10 թեկնածուներու ցանկին մէջ։

Անոր «The Silent Number» («Լուռ թիւը») պատմուածքը ընտրուած է 19 երկիրներէ ներկայացուած 62 յայտերու շարքին մէջ։ Մրցանակի յաղթողը պիտի յայտարարուի Սեպտեմբեր 6-ին՝ Երեւանի մէջ։

Կը շնորհաւորենք Մարալ Տինքը այս կարեւոր յաջողութեան առիթով։