Լոյս տեսած է Մուսա լեռան Եողուն Օլուք գիւղը ծնած Մովսէս Ա. քահանայ Շրիգեանի «Յուշեր» աշխատութիւնը, որ արժէքաւոր վկայութիւն է Մուսա լեռան հայութեան պատմութեան եւ առօրեային մասին։
1903 թուականին ծնած Շրիգեան իր յուշերուն մէջ կը ներկայացնէ Մուսա լեռան ժողովուրդին կեանքը, աւանդութիւնները, դժուարութիւններն ու պատմական կարեւոր դէպքերը։ Յուշագրութիւնը կ՚ընդգրկէ 1880-ականներէն մինչեւ 1939 թուականը՝ անդրադառնալով 1909-ի Ատանայի կոտորածներուն, ինքնապաշտպանութեան նախապատրաստութեան, Մուսա լեռան հերոսամարտին, Փորթ Սայիտ տեղափոխութեան, հայրենի գիւղեր վերադարձին, Սանճաքի պարպումին, Այնճարի հաստատման եւ համայնքային կեանքի կազմակերպման։
Հատորը առանձնայատուկ արժէք ունի նաեւ իբրեւ ազգագրական աղբիւր՝ պահպանելով Մուսա լեռան հայութեան կեանքի, սովորութիւններու եւ պատմական յիշողութեան բազմաթիւ մանրամասնութիւններ։
Ձեռագիր յուշերու համադրութեամբ ամբողջականացուած գիրքը խմբագրած եւ հրատարակութեան պատրաստած է Վարուժան արքեպիսկոպոս Հերկելեան։ Անիկա լոյս տեսած է «Գառնի» մատենաշարի 49-րդ հրատարակութեամբ։
