Յունիս 6-ը առանձնայատուկ օր մըն է համաշխարհային հայութեան համար․ այս օրը ծնած են երկու նշանաւոր հայեր՝ աշխարհահռչակ երգահան Արամ Խաչատուրեանն ու ամերիկահայ մեծ գործարար եւ բարերար Քըրք Քըրքորեանը։
Այս երկու անձնաւորութիւնները, տարբեր ոլորտներու մէջ գործելով, դարձած են հայութեան ստեղծագործ ուժին եւ կենսունակութեան խորհրդանիշները՝ մէկը՝ երաժշտութեան, միւսը՝ ձեռնարկատիրութեան եւ համաշխարհային գործարար աշխարհի մէջ։
Արամ Խաչատուրեան իր ստեղծագործական ուղին կազմաւորած է ժողովրդական երաժշտութեան խոր ազդեցութեան ներքոյ։ Իր խօսքով՝ մանկութեան շրջապատը լի էր հայկական եւ կովկասեան ժողովրդական մեղեդիներով, ծէսերով ու պարերով, որոնք խոր հետք ձգած են իր երաժշտական մտածողութեան վրայ։ Այդ ազդեցութիւնը դարձած է իր արուեստի հիմքը՝ կազմաւորելով ինքնատիպ եւ համաշխարհային ճանաչում վայելող երաժշտական լեզու մը։
Միւս կողմէ, Քըրք Քըրքորեանը ծնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ եւ անցած է դժուարութիւններով լեցուն մանկութիւն։ Ան տակաւին փոքր տարիքէն սկսած է աշխատիլ՝ ընտանիքին օգնելու համար։ Անոր յաջողութեան ուղին եղած է ինքնուրոյն աշխատանքի, համառութեան եւ հետեւողականութեան արդիւնք։ Իր համոզումով՝ յաջողութիւնը կախեալ չէ միայն փորձառութենէն կամ ժառանգուած հնարաւորութիւններէն, այլ՝ վճռականութենէն, տրամաբանութենէն եւ ազնուութենէն։
Այս երկու մեծ հայերու կեանքի պատմութիւնները տարբեր են, սակայն ունին ընդհանուր գաղափարական հիմք մը՝ հաւատ սեփական ուժերուն, աշխատանքին նուիրուածութիւն եւ ինքնութեան պահպանում։ Անոնց ժառանգութիւնը կը շարունակէ ներշնչել նոր սերունդները՝ թէ՛ արուեստի, թէ՛ կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու ճանապարհին։
Յունիս 6-ը այսպիսով կը դառնայ ոչ միայն ծննդեան օր, այլ նաեւ յիշեցում մը՝ հայ ժողովուրդի ստեղծագործական եւ ձեռնարկատիրական ներուժին մասին, որ կրնայ հասնիլ համաշխարհային բարձունքներու։
