Հայկական լեռնաշխարհին մէջ լայն տարածում է ունեցած Նանէ դիցուհիին պաշտամունքը։ Նանէն կը համարուի ընտանիքին պաշտպանութիւնը, իմաստութիւնը եւ ողջախոհութիւնը մարմնաւորող դիցուհին։ Նանէին կարելի է համեմատիլ նաեւ հայկական ընտանիքներու մեծ տատին հետ, ով տարիներու ընթացքը ձեռք բերած իմաստութեան եւ ողջախոհութեան շնորհիվ, կը պահպանէ եւ կը պաշտպանէ ընտանիքը։
Հայկեան հաւատամքին մէջ Նանէն այն իդեալն է, որն իր կեանքին ընթացքը կը ձգտէ նմանուիլ ցանկացած կին։
Մեր իմաստուն նախնիները ազգային հաւատամքը կերտելու ընթացքը, Դիցերը բնութագրող յատկութիւններու միջոցով, ստեղծած են այն իդեալները, որոնցով կրթած, դաստիարակած եւ համախմբած են ազգին։ Ինչպէս օրինակ նշեցի Նանէն կնոջ իդեալն է, Անահիտը՝ մօր, Արամազդը՝ հօր եւ այլն։
Նանէ դիցուհիին խորհրդանշաններէն է թոնիրը։ Առաջ քանի որ շատ դժուար էր ամէն անգամ նօր կրակ վառիլը, անհրաժեշտ էր տան կրակը անմար պահիլ, եւ ատ կը համարուէր կնոջ պարտականութիւնը։ Կնոջը կորցնելու պարագային ամուսինները կը սգային՝ ըսելով «օջախս մարեց»։
Նանէ դիցուհիին խորհրդանշաններէն է նաեւ նուռը։
Քաղոց ամսուա Վարագ օրը (նոյեմբերի 14-ին) կը նշուի Անմեռաց_տոնը, որը տոհմի ու ընտանիքին տօնն է։ Տոնին կը կատարուի նաեւ նուռօրհնէքի ծիսակատարութիւն։ Ան Նանէ դիցուհիին փառաբանման տօներէն է։
Փառաբանելով Նանէին մենք կը փառաբանենք մեր ընտանիքներու մէջ ապրող բոլոր կիները, ովքեր առաջին հերթին հէնց իրենք են, մեր ազգային եւ ընտանեկան սովորոյթներու պահապանը, ընտանեկան միասնութեան եւ ջերմութեան երաշխաւորը։
Փառք Նանէ դիցուհին
Փառք մեր տատիկները, մայրերը եւ կիները։
