Իտալիոյ Պարի քաղաքին մերձակայքը գտնուող Նոր Արաքս գիւղին հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, Հոկտեմբեր 19-ին տեղի պիտի ունենայ «Նոր Արաքսը եւ հայերը Պարիի մէջ․ ազգային եւ օտար մամուլին մէջ (1924–1962)» գիրքին շնորհանդէսը։
Աւելի քան 250 էջերէ բաղկացած աշխատութիւնը կը ներկայացնէ հայ համայնքին կազմաւորման եւ զարգացման պատմութիւնը՝ հիմնուելով իտալական եւ միջազգային մամուլի հրապարակումներուն, ինչպէս նաեւ արժէքաւոր, մեծ մասամբ չհրապարակուած պատկերային նիւթերու վրայ։
Լրագրող Սիրանուշ Քուարանթայի եւ փրոֆէսոր Քարլօ Քոփփոլայի համահեղինակութեամբ լոյս տեսած գիրքը կ՚ընդգրկէ 1924–1962 թուականներու ժամանակաշրջանը՝ անդրադառնալով երկու համաշխարհային պատերազմներուն եւ անոնց յաջորդած տարիներուն։
Առանձնայատուկ տեղ յատկացուած է Նոր Արաքսի հիմնադիրին՝ արեւմտահայ նշանաւոր բանաստեղծ, մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Հրանդ Նազարեանցի գործունէութեան։ Աշխատութիւնը ընթերցողին կը ներկայացնէ իտալական հողին վրայ կազմաւորուած հայկական համայնքին պատմական ուղին՝ պահպանելով անոր յիշողութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը։
