Նուիրեալներու խումբ մը նախաձեռնած է կրթամշակութային նոր ծրագիր մը, որուն նպատակն է նպաստել արեւմտահայերէնի պահպանմանն ու տարածման՝ զայն աւելի հասանելի եւ գրաւիչ դարձնելով երիտասարդ սերունդին համար։
Նախաձեռնութեան հեղինակները՝ հայոց լեզուի ուսուցչուհիներ Լիլիթ Պօղոսեան-Հանճընը եւ Հերա Իսկենտերօղլուն, ինչպէս նաեւ գծագրութեան ուսուցիչ Վահրամ-Վոլքան Եարըճընը, հանդիպում ունեցած են «Մարմարա» օրաթերթի տնօրէն Արի Հատտէճեանի հետ՝ ներկայացնելով ծրագիրին հիմնական նպատակներն ու յառաջիկայ աշխատանքները։
Ծրագիրը կը նախատեսէ համախմբել համայնքային դպրոցներու աշակերտները, ուսուցիչները, մշակութային գործիչները եւ լեզուի պահպանմամբ հետաքրքրուած բոլոր շրջանակները։ Նախաձեռնութեան առանցքը արեւմտահայերէնի վերարժեւորումն է՝ ստեղծագործական գրութեան, ընթերցանութեան, գեղագրութեան եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան միջոցով։
Նախաձեռնողները կը նշեն, որ թուային դարաշրջանին եւ լեզուի գործածութեան սահմանափակման պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է ստեղծել այնպիսի միջավայր մը, ուր արեւմտահայերէնը դառնայ ոչ միայն ուսուցման առարկայ, այլեւ ստեղծագործական ու մշակութային ինքնարտայայտման կենդանի միջոց։
Յայտնի է նաեւ, որ նախաձեռնութեան աշխատանքներուն միացած են Հայաստանի ճանչցուած գծանկարիչ եւ արուեստաբան Լեւոն Լաճիկեանը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ նուիրեալներ։ Նախատեսուած է, որ ծրագիրը յետագային վերածուի լայն համայնքային շարժումի՝ նպաստելով արեւմտահայերէնի պահպանման ու նոր սերունդներուն փոխանցման։
