Երեւանի մէջ ներկայացուեցաւ ամերիկաբնակ պոլսահայ մտաւորական Գեւորգ Յակոբեանի նոր ուսումնասիրութիւնը՝ երկհատոր «Հայոց կրթական հաստատութիւններու պատմութիւն՝ Օսմանեան գաւառներու մէջ» աշխատութիւնը։
Գիրքը նուիրուած է մինչեւ 1915 թուականը Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ գաւառներու մէջ գործած հայկական վարժարաններու պատմութեան։ Հեղինակը տասնամեակներ շարունակ հաւաքագրած է փաստաթուղթեր, լուսանկարներ եւ հնատիպ գիրքեր, որոնք հիմք կազմած են իր ծաւալուն հետազօտութեան։
Շնորհանդէսին ելոյթ ունեցան ԵՊՀ Արեւելագիտութեան ֆակուլտետի դեկան, բրոֆեսոր Ռուբէն Մելքոնեան, ինչպէս նաեւ թրքագէտներ Մելինէ Անումեան եւ Վերա Սահակեան։ Անոնք ընդգծեցին, որ Յակոբեանի աշխատութիւնը ոչ միայն կարեւոր աղբիւր է հայ կրթական կեանքը ուսումնասիրելու համար, այլ նաեւ վկայութիւն է հայերու ներկայութեան եւ ստեղծագործական աւանդին մասին Օսմանեան կայսրութեան մէջ։
Մասնագէտներու գնահատմամբ՝ հատորները կարելի է դիտարկել իբրեւ հանրագիտարանային բնոյթի աշխատութիւն եւ ուսուցողական գործիք՝ ուսանողներու եւ յետագայ հետազօտողներու համար։
Իր խօսքին մէջ Գեւորգ Յակոբեան նշեց, որ գիրքը կը դիտարկէ որպէս ազգային պարտքի կատարում եւ խոստացաւ ապագային նաեւ նոր ուսումնասիրութիւններ հրատարակել։
