2020 թուականի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին անհետ կորած համարուող զինծառայող Կարէն Գէորգեանի հայրը՝ Ազատ Գէորգեանը, արդէն երկրորդ օրն է նստացոյց կը կատարէ Կառավարութեան շէնքի դիմաց՝ պահանջելով հստակ տեղեկութիւններ զաւակին ճակատագրին վերաբերեալ։
Ազատ Գէորգեանի խօսքով՝ վեց տարի շարունակ ինք կը փորձէ պարզել որդուն գտնուած վայրը, սակայն մինչ օրս որեւէ հստակ պատասխան չէ ստացած։ Ան կը պնդէ, որ ներկայացուած ԴՆԹ փորձաքննութեան արդիւնքները լիարժէք համապատասխանութիւն չեն ունեցած, ինչի պատճառով կը շարունակէ որդին կենդանի համարել եւ զինք որոնել։
Կարեն Գէորգեան ծառայած է Հադրութի մէջ եւ պատերազմի ժամանակ եղած է ժամկէտային զինծառայող։ Հայրը կը պատմէ, որ որդուն հետ վերջին անգամ խօսած է 2020 թուականի Սեպտեմբերի 27-ին՝ պատերազմի առաջին օրը։ Ժամեր ետք անոր անունը յայտնուած է զոհուածներու առաջին ցանկերուն մէջ, սակայն յետագային տեղափոխուած է անհետ կորածներու ցանկ։
Ազատ Գէորգեան նաեւ նշած է, որ հանդիպած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ պահանջած է պարզել՝ արդեօք որդին կը գտնուի Պաքուի մէջ, թէ ոչ։ Անոր խօսքով՝ մինչ այժմ ծնողները որեւէ գրաւոր պատասխան չեն ստացած իշխանութիւններէն։
Նստացոյց իրականացնող հայրը կը վստահեցնէ, որ պիտի շարունակէ իր բողոքը այնքան ժամանակ, քանի դեռ չէ ստացած հստակ պատասխան որդու ճակատագրին մասին։
