Պուրսայի Յըլտըրըմ շրջանին մէջ կը շարունակուին Քուրթօղլու թաղամասին մէջ գտնուող պատմական հայկական եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները։ Նախագիծին նպատակն է նախկին հայկական եկեղեցին վերածել մշակութային կեդրոնի՝ «Սեթպաշը Արուեստի կեդրոն» անունով։
Վերականգնման ծրագիրին համաձայն՝ շէնքը պիտի գործէ որպէս երկյարկանի մշակութային կեդրոն։ Առաջին յարկին մէջ պիտի ստեղծուի բազմագործառութային սրահ, իսկ կեդրոնին մէջ պիտի գործեն նաեւ առանձին սրահներ՝ ցուցահանդէսներու, շնորհանդէսներու եւ սեմինարներու կազմակերպման համար։
Տեղական իշխանութիւններուն համաձայն՝ նախագիծը կը նպատակադրէ պահպանել պատմական շինութիւնը եւ զայն վերադարձնել մշակութային կեանք։ Աշխատանքները աշխուժօրէն կը շարունակուին, իսկ աւարտէն ետք կեդրոնը իր դռները պիտի բանայ արուեստասէրներուն առջեւ։
