Պոլսահայ համայնքի անդամ՝ 46-ամեայ Նաթալի Թաւուքչուէն Հոկտեմբեր 14-ի առաւօտէն ի վեր տեղեկութիւն չկայ։ Մէկ զաւակի մայր Թաւուքչուէն քանի մը օրէ ի վեր անհետացած է։ Ընտանիքը դիմած է հանրութեան՝ խնդրելով որեւէ տեղեկութեան պարագային կապ հաստատել իր հարազատներուն կամ ոստիկանութեան հետ։
Ինչպէս «Ակօս»-ին յայտնած է Նաթալիի քոյրը՝ Նազլը Նազլըօղլուն, Հոկտեմբեր 14-ին Նաթալին տունէն դուրս եկած է՝ Ֆերիքէօյի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցին երթալու նպատակով, սակայն այդ օրէն ի վեր տուն չէ վերադարձած։ Անոր հեռաձայնը անջատուած է։
Քրոջ փոխանցմամբ՝ Նաթալին աութիզմ ունեցող 14-ամեայ զաւակի մայր է։ Ընտանիքը յայտնած է, որ ոստիկանութիւնը կը շարունակէ որոնողական աշխատանքները։
