Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ տեղի է ունեցած աշխարհագրագէտ, քարտեզագիր, քարտեզագէտ Ռուպէն Գալչեանին «ատրպէյճանի ազգային ատլասին 2014ին «պատմական» քարտեզներու եւ «Արեւմտեան ատրպէյճան» հորինուած տերմինին հետազոտութիւն» երկլեզու գիրքին շնորհանդէսը:
Հեղինակը տեղեկացուցած է, որ Բաքուի ազգային ատլասին հեղինակները վերատպուած քարտեզներու վրայէն ջնջած են Հայաստան անունը եւ նորէն թողարկիլ՝ որպես քարտեզներու իբր «իրական» պատկեր։ Խմբագիրները յաճախ սխալուած են՝ մասնակի ջնջելով կամ հիմնականը չնկատելով վերատպուած քարտեզներու վրայ եղած միւս Հայաստան անունները։
Գալչեանին աշխատութեան մէջ կը բացայայտուէին քարտեզագրական կեղծիքները եւ կը ներկայացուէին ատլասին վրայ տպագրուած կեղծ քարտեզներու իրական պատճենները։ Աւելին, ցոյց կը տրուի, որ Արաքս գետին հիւսիսային ափին երբեք ատրպէյճան անունով երկիր գոյութիւն չի ունեցած՝ միեւնոյն ատեն հաստատելով, որ ատրպէյճան անունը կը պատկանի Իրանի հիւսիս-արեւմտեան նահանգին՝ փաստ, որը տեսանելի է 1918էն վաղ տպագրուած բոլոր քարտեզներու վրայ։
Գիրքը բաղկացած է երկու մասէն՝ կապուած Բաքուի քարտեզագրական կեղծիքներու հետ։ Առաջին մասը կը քննարկուին օտարերկրեա քարտեզագրողներու կեղծուած քարտեզները, ինչպէս նաեւ այդ քարտեզներու բնօրինակները։ Երկրորդ մասը նուիրուած է Բաքուի կեղծարարութեան բացայայտմանը, որը Արեւելեան Հայաստանի տարածքը կը ներկայացնէ որպէս «Արեւմտեան ատրպէյճան»։
