«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուեր Երեւանին մէջ ժենգեալով հաց է պատրաստած արցախցի կիներու հետ:
«Արմէնպրեսի» յաղորդմամբ՝ Արցախցի կիները անոր ծանոթացուցած են ժենգեալով հացի պատրաստմանը, ներկայացուցած են, որ միջուկը կը պատրաստեն 13 տեսակի կանաչիներէն, ինչը զարմացուցած է Փաուերին: Ապա Փաուերն անձամբ պատրաստած է արցախեան աւանդական ժենգեալով հացը:
Սամանթա Փաուեր ժենգեալով հաց պատրաստելէն ետք հանդիպած ու զրուցած է նաեւ Արցախէն տեղահանուած անձերու հետ:
