Գրող, դասախօս եւ Ուեստբրուքի քաղաքային խորհուրդի անդամ Աննա Աստուածատուրեան-Թերքոթը Alpha News-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին խօսած է «Սէր Սիւնիք» նախաձեռնութեան մասին, որ նման է «Սէր Արցախ» նախագիծին եւ երկար տարիներ իրականացուած է Արցախի մէջ՝ ծննդկաններուն համար։
«Յունիս 1-էն կը նախատեսենք սկսիլ «Սէր Սիւնիք» նախագիծը՝ «Սէր Արցախ»-ի օրինակով, որուն շրջագիծին մէջ Արցախի մէջ իւրաքանչիւր նորածին երեխայի կը տրամադրէինք նուէրներ՝ մայրիկներուն եւ նորածիններուն համար առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներով»,– ըսած է ան՝ նշելով, թէ աջակցութիւն տրամադրուած է նորածին ունեցող 3000 արցախեան ընտանիքի։
Աննա Աստուածատուրեան-Թերքոթի խօսքով՝ այժմ նոյն նախագիծը կ՚իրականացուի Սիւնիքի մէջ, ուրկէ ինք կը սերի։
Alpha News-ի զրուցակիցը պատմած է նաեւ, թէ ինչպէս ամէն ինչ սկսաւ, ինչպէս ծնաւ ու ձեւաւորուեցաւ գաղափարը եւ ինչ փուլերէ անցաւ նախագիծը՝ մինչեւ իրականացում։
«Ես Պաքուէն տեղահանուած փախստական եմ, եւ ինծի համար այս բոլորին հիմքը իմ ընտանիքս էր ու Արցախը, ուրկէ տեղահանուած է 350 հազար մարդ։ Արցախը պատմականօրէն հայկական հող է։ Մեր պատմութեան ընթացքին մենք շատ կորուստներ ունեցած ենք, եւ ասիկա առաջին դէպքն էր, երբ մենք վերատիրացանք մեր հողերուն։ Ինծի համար այս գործը սրբազան է»,– ըսած է ան։
