Կիւմրիի աւագանին պատուաւոր քաղաքացիի կոչում շնորհած է անուանի քանդակագործ, վաստակաւոր նկարիչ Սամուէլ Պետրոսեանին՝ գնահատելով անոր երկարամեայ ստեղծագործական գործունէութիւնն ու հայ քանդակագործութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած ներդրումը։ Առաջարկը ներկայացուցած էր Հայաստանի Նկարիչներու միութիւնը՝ քանդակագործին 75-ամեակին առթիւ։
Սամուէլ Պետրոսեանի յայտնի գործերէն են Շառլ Ազնաւուրի արձանը՝ Կիւմրիի մէջ, եւ Սողոմոն Թեհլիրեանի արձանը՝ Մարալիկի կեդրոնական հրապարակին մէջ։ Վերջինս կառուցուած է Հայերու Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ եւ 2022 թուականին յայտնուած է ոչնչացման վտանգի առջեւ՝ Թուրքիայէն հնչած ակնարկներուն պատճառով։
Անդրադառնալով Թեհլիրեանի արձանին՝ քանդակագործը շեշտած էր, որ իր գործը պատմական ճշմարտութեան արտացոլումն է։ Իսկ Շառլ Ազնաւուրի արձանի ստեղծման մասին խօսելով՝ ան յիշած է երգիչին կատակով արտայայտած գնահատանքը․ Ազնաւուր արձանը «հոյակապ» անուանած էր, քանի որ հոն ինք աւելի երիտասարդ ներկայացուած էր։
Սամուէլ Պետրոսեանին շնորհուած կոչումը գնահատանք մըն է անոր երկարամեայ արուեստին եւ հայ մշակոյթին մէջ ունեցած վաստակին։
