Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի

  • by Editbeglari, September 01, 2026 in Լուրեր
77 դիտում

Սեպտեմբեր 6-ին Վանայ լիճի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի 14-րդ պատարագը։ Կը նշուի, որ պատարագի մատուցման նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են։ Կիրակնօրեայ պատարագին պիտի մասնակցին բարձրաստիճան հայ հոգեւորականներ եւ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ, կը փոխանցէ Ermenihaber.am-ը։

Պատարագը պիտի սկսի ժամը 11։00-ին եւ պիտի աւարտի ժամը 14։00-ին։ Աւելցնենք, որ 2010-էն ի վեր արարողութիւնը կը կատարուի Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութեան յատուկ արտօնութեամբ։

Յիշեցնենք, որ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 915-921 թուականներուն՝ Վասպուրականի թագաւոր Գագիկ Արծրունիի հրամանով։ Եկեղեցին կառուցած է յայտնի ճարտարապետ, նկարիչ եւ քանդակագործ Մանուէլը (Մոնուէլ)։ 1113-1895 թուականներուն հոն գործած է Աղթամարի առանձին կաթողիկոսարանը, որուն վերացումէն ետք անոր պատկանող վանքերն ու եկեղեցիները անցած էին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին։ Կղզին եւ եկեղեցին լքուած են 1915 թուականի Հայերու ցեղասպանութենէն ետք։

Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը 2005-ին ձեռնարկած էր Վանի Գեւաշ (պատմական Ոստան) գաւառի վարչական տարածքին մէջ գտնուող Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները։ Մօտ երկու տարի տեւած վերակառուցման ծրագրին համար շուրջ 4 միլիոն լիրա ծախսուած է։ 2007-ին եկեղեցին այցելուներուն բացուած էր իբրեւ թանգարան։

95 տարուայ դադարէ ետք, 2010-էն ի վեր, ամէն տարի Սեպտեմբերին՝ Խաչվերացի տօնին նախորդող Կիրակի օրը, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցուի։