Կը խօսին Թիւրքիոյ ներկայիս բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի հայերը…
Նազելիին պատմութիւնը տիպիկ է շատերուն համար, ովքեր կը ձգտեն վերադառնալ իրենց հայկական ինքնութեանը: Անոր պապիկը՝ Սարգիսը, փրկուած է Ցեղասպանութենէ: 1915ին անոր բռնած էին, բայց ինչ-որ հրաշքով ան փրկուեցաւ եւ թաքնուեցաւ անտառներու մէջ: Տարիներ անց Սարգիսին Հասան կ՚անուանէին: Նազելիին ցանկութիւնն է վերադառնալ իր հայկական ինքնութեանը:
Փոքր ժամանակ Նազելիին մայրը կ՚ըսէր ներկայանալ այնպէս, թէ հայ չեն, քանի որ վտանգ կար, որ անոնց կսպանեն: Ան ատ կ՚ընէր անոնց պաշտպանելու համար: 14 տարեկանը Նազելիին ըսին, որ զինքը հայ է, եւ ատ ատեն սկսուեցաւ անոր ճանապարհը դէպի իր իսկական ինքնութիւնը:
Նազելին որոշեց սովրիլ հայերէն, որովհետեւ, երբ անոր մոտ կը խօսին հայերէն, եւ ան շատ բաներ չի հասկնար, մէջը կը զգայ դատարկութիւն, կարծես կեանքին մեծ հատուած բաց է թողած:
Նազելին իր որդուն հայկական դպրոց ուղարկեց, որպեսզի ան հայերէն սովրէ եւ ապրէ հայկական մշակոյթով: Անոր մեծ ցանկութիւնն է՝ տեսնալ որդուն որպէս հայ:
Չնայած Թիւրքիոյ իշխանութիւնները կը պնդեն, որ երկրին մէջ հայեր չկան, Արեւմտեան Հայաստանին մէջ դեռ կան հայեր, ովքեր կը պահպանեն իրենց մշակոյթն ու ինքնութիւնը: Անոնց ժառանգութիւնը եւ մշակոյթը անոնց ոյժն են եւ ինքնութեան հիմքը։
