«Վստահ եմ, որ պիտի վերադառնանք»․ արցախահայ գործիչի մտորումները կորուստներու, դասերու եւ վերադարձի մասին

  • by Editbeglari, June 08, 2026 in Լուրեր
133 դիտում

https://www.facebook.com/share/r/191fg9zPE6

Արցախի մէջ աւելի քան երեք տասնամեակ ապրած եւ երիտասարդներու հետ աշխատած Արմոնտը համոզուած է, որ Արցախի կորուստը միայն արտաքին ուժերու հետեւանքը չէր, այլ նաեւ ներքին թերացումներու արդիւնքը։ Անոր խօսքով՝ հայ ժողովուրդը բաւարար չափով կազմակերպուած եւ համախմբուած չգործեց, իսկ ազատագրուած Արցախը վերջնական յաղթանակ նկատելու սխալ պատկերացումը թուլացուց զգօնութիւնը։

«Միշտ կ’ըսեն, թէ թշնամին հզօր էր, բայց ես պիտի ըսեմ՝ թշնամին հզօր չէր, մենք տկար աշխատեցանք»,– կը նշէ ան՝ շեշտելով, որ տեղի ունեցածը պէտք է դառնայ պատմական դաս եւ նոր սերունդին համար պետականաշինութեան գիտակցութեան հիմք։

Իրանահայ ընտանիքի մէջ մեծցած Արմոնտը 1999 թուականին տեղափոխուած է Արցախ, ուր զբաղած է երիտասարդական, սկաուտական եւ հասարակական գործունէութեամբ։ Արցախի մէջ ան ոչ միայն աշխատած է հայրենիքի զարգացման համար, այլեւ կազմած է ընտանիք, իրականացուցած է մշակութային եւ կրթական ծրագիրներ։

Անոր խօսքով՝ արցախցիներուն ամենաարժէքաւոր յատկանիշը պարզութիւնն ու անկեղծութիւնն էր։ «Արցախը մեզի համար դրախտ էր»,– կ’ըսէ ան՝ յիշելով այն տարիները, երբ ամէն օր կը սկսէր նոր ծրագիրներով եւ հայրենիքին օգտակար ըլլալու ձգտումով։

Չնայած կորսուած ծրագիրներուն, ձգուած տունին եւ կիսատ մնացած երազներուն՝ Արմոնտը չէ հրաժարած վերադարձի գաղափարէն։ Ան վստահ է, որ Արցախի ապագան յատկապէս կախուած է երիտասարդ սերունդի դաստիարակութենէն եւ պետական մտածողութեան ձեւաւորումէն։

«Հոգիս հոն է։ Կը հաւատամ վերադարձին, բայց՝ ճիշդ ծրագրուած վերադարձին։ Եթէ կարենանք մեր զաւակներուն մէջ սերմանել պետականաշինութեան գաղափարը, վստահ եմ՝ պիտի վերադառնանք»,– կ’ըսէ ան։