«Տանս պատուհաններն ու դռները պինդ փակած եմ, որովհետեւ վստահ եմ՝ ետ պիտի երթանք»․ արցախցի ուսուցչուհիի պատմութիւնը

  • by WesternArmenia, October 09, 2026 in Լուրեր
109 դիտում

Արցախցի ուսուցչուհի Ռուզաննա Թարխանեան Ստեփանակերտի մէջ ձգած է իր տունը, սիրելի աշխատանքը եւ հայրենիքի ամենաթանկ յիշատակները։ Ան Երեւան եկած է երեք զաւակներուն, փաստաթուղթերուն եւ անգլերէնէ բառարանի մը հետ։

Արցախի մէջ իր հիմնած «Tarkhanian’s English College» ուսումնական կեդրոնը, պատերազմներու եւ շրջափակման դժուարութիւններէն ետք, ան վերաբացած է Երեւանի մէջ։ Ներկայիս Ռուզաննան երեք տեղ կ՚աշխատի՝ զաւակներուն կարիքները հոգալու եւ իր մասնագիտական գործունէութիւնը շարունակելու համար։ Անոր երազանքն է դարձեալ անվճար դասաւանդել իր սիրելի աշակերտներուն եւ զաւակներուն համար սեփական յարկ ունենալ։

Սակայն ուսուցչուհիին սիրտը կը շարունակէ մնալ Արցախ, յատկապէս՝ իր հայրական Աստղաշէն գիւղը, ուրկէ ան իր հետ բերած է փոքրիկ քարեր՝ հայրենիքէն մնացած թանկագին յուշեր։

Արցախէն հեռանալու պահուն Ռուզաննան փակած էր իր տան դռներն ու պատուհանները՝ համոզուած ըլլալով, որ պիտի վերադառնան։

«Ամէն օր կը մտածեմ, որ ինչպէս յանկարծակի դուրս եկանք Արցախէն, նոյնպէս ալ ետ պիտի երթանք։ Ես այդ կը զգամ… բայց համոզուած եմ», կ՚ըսէ ան։