
Լրատուամիջոցները օրեր առաջ տեղեկութիւն տարածուեցաւ, թէ Գերմանիոյ Քյոլն քաղաքը ապամոնտաժուած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը։ Կը նշուէր, որ յուշարձանը հեռացուցեր է Քյոլնի քաղաքապետարանը՝ թուրք ազգայնականներուն ճնշմամբ։ Լրատուամիջոցները որպէս տեղեկութեան սկզբնաղբիւր կը նշէին գերմանական Welt լրատուական գործակալութեան յրապարակումը։ Սակայն ատոր մէջ գրուած էր, ոչ թէ որ յուշարձանը ապամոնտաժուած է, այլ ապագային այն հեռացնելու՝ Քյոլնի քաղաքապետին վերջնական որոշման մասին։
Հայերուն դէմ իրականացուած ցեղասպանութեանը նւիրուած «Այս ցավը բոլորինս է» յուշարձանը տեղարդուած է Քյոլնի 2018-ի Ապրիլ 15-ին «Յիշել ցեղասպանութիւնը» նախաձեռնութեապ կողմէն։ Այն կանգնեցուած է քաղաքին կէդրօնին խորհրդանշական վայրին մէջ՝ կայսր Վիլհելմ II-ի արձանին քով, որը եւս կը մեղադրուի ցեղասպանութիւններու իրագործման մէջ։
Յուշարձանը տեղադրուխծ էր առանց Քյոլնի քաղաքային իշխանութիւններու թոյլտւութեան։ Տեղադրումէն չորս օր անց՝ 2018-ի Ապրիլ 19-ին, քաղաքապետարանին որոշմամբ յուշարձանը ապամոնտաժուած էր։ Ամէն տարի Ապրիլը յուշարձանը ժամանակաւորապէս կը տեղադրուէր եւ կը հանուեր շաբաթներ անց։ 2023-ի Ապրիլը նախաձեռնող խումբին յաջողուած էր Քյոլնի կէդրօնական շրջանի աւագանիին աջակցութեամբ քաղաքապետարանէն ստանալ յուշարձանը մէկ ամսով տեղադրելու թոյլտւութիւն։
Քաղաքապետարանը, թոյլտւութեան ժամկետը լրանալէն ետք՝ Մայիսը, ապա Յուլիսը, փորձած էր հեռըցնիլ յուշարձանը: Երկու պարագային ալ նախաձեռնող խումբին եւ աջակիցներու կազմակերպած բողոքին ցոյցերու շնորհիվ յուշարձանը չէր հեռացուեր, եւ այն մինչ օրս իր տեղն է։
Յուշարձանին ապամոնտաժուած ըլլալու լուրը լրագրողներու հետ զրոյցը հերքեց «Յիշիլ ցեղասպանութիւնը» նախաձեռնութեան անդամ Իլիաս Հացպանեանը՝ նշելով, որ յուշարձանն առնւազն մինչեւ 2024-ին գարուն կմնա իր տեղը։
«Արդեն մէկ տարի է՝ յուշարձանն իր տեղն է։ Քաղաքապետարանը յուշարձանը նախկինը հեռեցուցեր է երկու անգամ՝ 2018-ին եւ 2022-ին։ Ներկայիս ապամոնտաժման տարածուող լուսանկարները հէնց այդ ժամանակ են արուած»,- յայտնեց Հացպանեանը։
Քյոլնի քաղաքապետարանը կը ցանկընա նոր յուշահամալիր ստեղծիլ՝ «ոգեկոչելու բռնութեան, ռասիզմի եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման զոհերուն յիշատակը»։ Սակայն «Յիշի՛ր ցեղասպանութիւնը» նախաձեռնութիւնը կը պայաքարէ, որ մինչեւ նոր յուշահամալիրի կառուցումը, ինչը տարիներ կտեւէ, հին յուշարձանը շարունակի մնալ իր տեղը։
«2024-ին փետրվար-մարտին հանձնաժողով պետք է ձեւաւորուի, որը պետք է որոշէ յուշարձանին յետագա ճակատագիրը եւ քննարկի նոր յուշահամալիրին կառուցման նախագիծը։ Մենք կը պնդենք, որ մինչեւ նորին կառուցումը հինը չպետք է հեռացուի»,- ըսած է Հացպանեանը։ Աւելի վաղ ապամոնտաժման լուրը հերքած էր Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տ․Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեանը։ Հացպանեանի տրամադրած լուսանկարը կը փաստէ, որ յուշարձանը չի հեռացուած:
Այսպիսով, տեղեկութիւնը թէ Քյոլնիին մէջ ապամոնտաժուած է Հայերուն դէմ իրականացուած ցեղասպանութեանը նւիրուած յուշարձանը, կեղծ է, իսկ տարածուած լուսանկարները՝ հին։
