2026 թուականի Սեպտեմբեր 29-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է Հերմինէ Աւագեանի եւ ֆրանսացի փիլիսոփայ Ուլիս Մանժէսի համահեղինակած հայերէն-ֆրանսերէն «Նամակներ դրախտէն» երկլեզու գիրքի շնորհանդէսը՝ «Արցախը՝ հայրենիքս» խորագրով։ Գիրքը հրատարակած է «Newmag» հրատարակչութիւնը։
Գրական երեկոյին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է հայրենիքի, յիշողութեան, կորստեան եւ վերադարձի նիւթերուն։ Նամակներուն միջոցով Հերմինէ Աւագեան ներկայացուցած է իր ծննդավայր՝ Աշան գիւղին կեանքը, մանկութեան յուշերն ու Արցախի մարդկային եւ մշակութային աշխարհը՝ ընդգծելով, որ հայրենիքը միայն պատերազմի ու կորստեան պատմութիւն չէ, այլ նաեւ ընտանեկան ջերմութիւն, բանաստեղծութիւն եւ երազանքներ։
Հեղինակներուն համար նամակագրութիւնը երկու մշակոյթներու միջեւ կամուրջ մըն է, որ ֆրանսացի ընթերցողներուն հնարաւորութիւն կու տայ Արցախը ճանչնալու իբրեւ մարդոց տուն եւ կենդանի պատմութիւն։
Շնորհանդէսին ընթացքին կարեւորուած է Արցախի մշակութային ժառանգութեան եւ պատմական յիշողութեան պահպանումը՝ 2023 թուականի Սեպտեմբերին աւելի քան 120 հազար արցախահայերու բռնի տեղահանութեան ծիրէն ներս։ Հերմինէ Աւագեանի խօսքով՝ իրական խաղաղութիւնը կը նշանակէ ոչ միայն դիւանագիտական յայտարարութիւններ, այլեւ հայրենիք վերադառնալու իրաւունք, պատմական յիշողութեան պահպանում եւ արդարութիւն։
«Նամակներ դրախտէն» գիրքը փորձ մըն է բռնի տեղահանուած արցախահայութեան ձայնը միջազգային հանրութեան հասցնելու եւ գրականութեան միջոցաւ հայրենիքի յիշողութիւնը պահպանելու։
