
«Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իրինա Յոլեան ծանր յիշողութիւններով կիսուած է։
«Տարօրինակ ցուրտ էր այդ օրը․ Գորիսը կը դիմաւորէր հայրենիքը կորսնցուցած արցախցիները։ Օդին մէջ կարծես ինչ-որ ծանր, անբացատրելի անհանգստութիւն կար։
Անորոշութիւն էր, վախ, լռութիւն ու անասելի ցաւ։
Ամէնէն ծանր բեռը արցախցիներու փոքրիկ ճամպրուկներուն մէջ չէր․ այդ բեռը հայրենիքի կորուստն էր։
Եւ քանի դեռ կայ գէթ մէկ մարդ, որ կը յիշէ այդ ճանապարհը, այդ մարդոց հայեացքները, այդ ծանր օրերն ու անասելի ցաւը, Արցախի պատմութիւնը չի կրնար ջնջուիլ»։
