Քեսապի մէջ լատինական համայնքի կազմաւորման գործին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է Ֆրանցիսկեան միաբանութեան «Թերրա Սանթա» առաքելութիւնը։ Հայր Սաբատինօ Տել Կայծոյի նախաձեռնութեամբ հոս կառուցուած են վանք, եկեղեցի եւ դպրոց։ 1909-ի աղէտին ընթացքին ան մնացած է Քեսապի բնակչութեան կողքին՝ աջակցելով կիներու եւ երեխաներու ապահով տեղափոխութեան, իսկ յետագային մասնակցած է վերակառուցման աշխատանքներուն։
1925-ին աւարտած է Քեսապի նոր վանական համալիրին շինարարութիւնը, որ կը ներառէր Սուրբ Միքայէլ եկեղեցին, վանատունը եւ երկյարկանի դպրոցը։ Դպրոցին մէջ ուսուցումը կը կատարուէր հայերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով։ Հայր Սաբատինօ հետաքրքրուած էր նաեւ Քեսապի պատմութեամբ ու հնագիտութեամբ եւ աջակցած է շրջանի հնագիտական ուսումնասիրութիւններուն։
Այս ժամանակաշրջանին Քեսապի մէջ կը գործէր նաեւ Ուսումնասիրաց բարձրագոյն վարժարանը՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայկական բարձրագոյն կրթութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը։ 1924-1927 թուականներուն դպրոցը յաճախած է 53 աշակերտ, որոնցմէ եօթը ստացած են ֆրանսական կրթական ծրագիրի երկրորդ պաքալորիայի վկայական եւ ուսումը շարունակած են Ֆրանսայի համալսարաններուն մէջ։
Սակայն դպրոցը կը դիմագրաւէր նիւթական եւ ուսուցչական լուրջ դժուարութիւններ։ 1927-1928 ուսումնական տարեշրջանին աշակերտներուն թիւը նուազած է 35-ի, իսկ յաջորդ կիսամեակին՝ 27-ի։ Ուսումնասիրաց ընկերութիւնը դիմած է տարբեր երկիրներու մէջ բնակող քեսապահայերուն՝ հանգանակութիւններ կազմակերպելու եւ վարժարանին աջակցելու կոչով։
Դպրոցին զարգացման գործին մէջ մեծ դեր ունեցած են տնօրէններ Յակոբ Աթիկեան եւ Ժոզէֆ Հեքիմեան։ Անոնց նուիրումով Ուսումնասիրաց բարձրագոյն վարժարանը շարունակած է կրթել նոր սերունդ՝ դժուարին հետպատերազմեան տարիներուն պահպանելով Քեսապի կրթական եւ ազգային կեանքի կարեւոր օճախներէն մէկը։
