2026 թուականի Օգոստոսի 9-ին Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս բարեզարդուած եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ անդրանիկ Սուրբ Պատարագը, որ մատուցեց Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։
Արարողութեան մասնակցեցան հոգեւորականներ, սարկաւագներ եւ երգչախումբի անդամներ։ Սուրբ Պատարագէն ետք Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ համայնքի նուիրեալներուն ծառայութիւնը։
Յատուկ գնահատանքի արժանացաւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեան, որուն շնորհուեցաւ Պատրիարքական Օրհնութեան Գիր։
Միջոցառումը աւարտեցաւ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ կազմակերպուած սիրոյ սեղանով։
