Արտօ Թունճպոյաճեան՝ Արարատի երգիչը

  • by Editbeglari, August 10, 2026 in Լուրեր
76 դիտում

1957 թուականի Օգոստոսի 4-ին Պոլիս ծնած հայազգի երաժիշտ Արտօ Թունճպոյաճեան տակաւին 11 տարեկանին սկսած է կատարել եւ ձայնագրել Արեւմտեան Հայաստանի աւանդական երաժշտութիւնը։

Յետագային ան հաստատուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ համագործակցած է համաշխարհային ջազի բազմաթիւ յայտնի երաժիշտներու հետ։ Երեւանի մէջ ստեղծելով «Armenian Navy Band» խումբը՝ Թունճպոյաճեան դարձած է ժամանակակից հայկական էթնօ-ջազի նշանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը։

Իր բազմամեայ գործունէութեան ընթացքին ան մասնակցած է աւելի քան 200 ձայնագրութիւններու, համագործակցած տարբեր երկիրներու երաժիշտներու հետ եւ իր ստեղծագործութեամբ միաւորած հայկական, արեւելեան ու ջազային երաժշտական աւանդոյթները։