Արցախի բարբառը՝ iPhone-ներու iOS համակարգային ծրագրին մէջ

  • by Editbeglari, August 13, 2026 in Լուրեր
86 դիտում

Արցախի մշակոյթի նախարարութիւնը ողջունած է iOS համակարգի iBuben Keyboard յաւելուածին մէջ Արցախի բարբառի ներառումին ուղղուած նախաձեռնութիւնը՝ զայն կարեւոր քայլ համարելով լեզուական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ։

Նախագիծին հիմքը հետազօտող Արմէն Սարգսեանի ակադեմական աշխատանքն է, որ ապահոված է բարբառի բառապաշարի վաւերականութիւնը։ Բարբառի ներառումը արդի ստեղնաշարի եւ բառերու կանխատեսման համակարգին մէջ հնարաւորութիւն կու տայ զայն աւելի աշխուժօրէն գործածելու առօրեայ հաղորդակցութեան մէջ, յատկապէս՝ երիտասարդներու շրջանակին մէջ։

Նախարարութեան գնահատմամբ՝ Արցախի բարբառի ներկայութիւնը թուային միջավայրին մէջ կարեւոր միջոց է զայն մոռացումէ պաշտպանելու եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու համար։ Նախարարութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է նախաձեռնութեան հեղինակ Ալպերթ Յարութիւնեանին եւ նախագիծի իրագործման մասնակցած մասնագէտներուն։