Սեպտեմբեր 4-6-ը Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Գիրքի երեւանեան միջազգային 9-րդ փառատօնը, որուն գլխաւոր նիւթը այս տարի լեզուն է։ Փառատօնին ծիրէն ներս առաջին անգամ պիտի կազմակերպուի նաեւ արեւմտահայերէն բանաստեղծութեան միջազգային մրցոյթ՝ աշխարհի բոլոր երկիրներու քաղաքացիներուն համար։
Փառատօնին պիտի մասնակցին աւելի քան 50 հրատարակչութիւն, 250 գրող եւ գրականութեան ոլորտի մասնագէտներ՝ աւելի քան 15 երկիրներէ։ Ծրագիրին մէջ նախատեսուած են գրական հանդիպումներ, քննարկումներ, շնորհանդէսներ եւ մշակութային ձեռնարկներ։
Բոլոր ձեռնարկներուն մուտքը ազատ է։
