Կ․Պոլսոյ մէջ սպաննուած է Հայաստանի քաղաքացի

  • by Editbeglari, August 11, 2026 in Լուրեր
80 դիտում

Կ․Պոլսոյ Բէյօղլու շրջանին մէջ իր բնակարանին մէջ մահացած յայտնաբերուած է Հայաստանի քաղաքացի՝ 64-ամեայ Ակոբ Դեղիրմենճիօղլուն։ Ոստիկանութիւնը պարզած է, որ ան սպաննուած է դանակի բազմաթիւ հարուածներով։

Դէպքին մասին ոստիկանութեան տեղեկացուցած էր դրացին՝ 45-ամեայ Մեհմեթ Շերիֆ Թայըքը՝ նշելով, որ բնակարանէն գէշ հոտ կու գայ։ Հետաքննութեան ընթացքին ան կասկածուեցաւ սպանութեան մէջ եւ ձերբակալուեցաւ։

Ոստիկանութեան տուած իր ցուցմունքին մէջ Թայըքը խոստովանած է սպանութիւնը՝ նշելով, որ իր եւ Դեղիրմենճիօղլուի միջեւ վէճ մը եղած էր վարձակալութեան հարցի շուրջ, եւ ինք դանակահարած էր։ Դատարանը որոշած է կալանաւորել կասկածեալը։

Դէպքին առնչութեամբ քննութիւնը կը շարունակուի։