«Հայեացքն Արցախին» հաղորդման հիւրն էր թրքագէտ եւ ատրպէյճանագէտ Վարուժան Գեղամեան, որ խօսած է Բերձորի հետ կապուած իր յուշերուն, Արցախի ապագային եւ հայրենիք վերադառնալու հաւատքին մասին։
Անոր խօսքով՝ մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցած են Բերձորի մէջ, ուր ձեւաւորուած են իր աշխարհընկալումն ու ազգային ինքնութիւնը։ Հակառակ 2000-ականներու դժուարութիւններուն՝ ան Բերձորը կը յիշէ որպէս ջերմ ու լուսաւոր քաղաք՝ իր մարդոցմով, բնութեամբ եւ հայրենի տան անփոխարինելի զգացումով։
Գեղամեան նշած է, որ Արցախի համար բազմաթիւ ծրագիրներ ունէր, որոնք տակաւին չէ կրցած իրականացնել, սակայն չէ կորսնցուցած զանոնք կեանքի կոչելու յոյսը։ Ան համոզուած է, որ հայ ժողովուրդը օր մը դարձեալ պիտի վերադառնայ Արցախ, եւ ընդգծած է. «Արցախը վերստին մերը պիտի ըլլայ»։
Անոր խօսքով՝ հայրենիքի հանդէպ հաւատքն ու վերադարձի ձգտումը կը շարունակեն մնալ ազգային ուժի կարեւոր աղբիւրներէն։
