Օգոստոս 16-ին Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր ձեւով նշուած է Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի գլխաւորութեամբ մատուցուած է Սուրբ Պատարագ, որուն մասնակցած են Քեսապէն եւ Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն ժամանած հայ հաւատացեալներ։
Պատարագի ընթացքին Մակար սրբազան խօսած է Աստուածամօր նշանակութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անոր ունեցած կարեւոր դերին մասին՝ ընդգծելով, որ Սուրբ Կոյս Մարիամի եկեղեցին կը մեծարէ իր ծէսերով, շարականներով եւ աղօթքներով։
Տօնական արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուած է աւանդական Խաղողօրհնէք՝ Մակար սրբազանի ձեռամբ։ Տօնին մասնակցած են նաեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները։
