Արցախցի 19-ամեայ Աւագը հրատարակած է իր առաջին գիրքը, որ նուիրուած է Արեւմտեան Հայաստանին։ Երիտասարդ հեղինակին նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի հետաքրքրութիւն արթնցնելու հայրենի պատմութեան եւ ազգային ժառանգութեան նկատմամբ։
Յատկանշական է, որ գիրքը կը վաճառուի ինքնարժէքով՝ ընդամէնը 2500 դրամով, որպէսզի հասանելի ըլլայ հնարաւորինս լայն ընթերցող շրջանակի։ Նախաձեռնութեան հեղինակները կոչ կ’ուղղեն աջակցելու երիտասարդ ստեղծագործողներուն, որոնք իրենց աշխատանքով կը նպաստեն պատմական յիշողութեան պահպանման եւ ազգային արժէքներու փոխանցման։
