Մեծանուն արուեստագէտ, շանսոնյե Շարլ Ազնաւուրի արձանի պատրաստման աշխատանքներու պայմանագիրը կնքուած է, համապատասխան ֆինանսական միջոցները 2024 թուականի բիւջեով արդեն իսկ հատկացուած են: Ասոր մասին NEWS.am-ը կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանէն։
Արձանի պատրաստման եւ տեղադրման աշխատանքները կշարունակուեն 2025 թուականին, եւ 22 Մայիս, որպէս մեծ արուեստագէտի ծննդեան 100-ամեակը նուիրուած միջոցառումներու աւարտ, կը նախատեսուի իրականացնիլ արձանի բացման արարողութիւնը:
