RFI-ը գործարկած է հայերէն նոր լրատուական ծառայութիւն՝ կեդրոնացած թուային հարթակներու վրայ

  • by Editbeglari, May 29, 2026 in Լուրեր
106 դիտում

Ֆրանսայի միջազգային ռատիօն պաշտօնապէս գործարկած է հայերէն նոր լրատուական խմբագրութիւն մը՝ դառնալով կազմակերպութեան 18-րդ օտարալեզու ծառայութիւնը։

Նոր ծառայութիւնը պիտի գործէ բացառապէս արեւելահայերէնով եւ ամբողջութեամբ կեդրոնացած պիտի ըլլայ թուային բովանդակութեան արտադրութեան վրայ։ Կը հաղորդուի, որ 8 հոգիէ բաղկացած խմբագրութիւնը նպատակ ունի հասնիլ յատկապէս երիտասարդ լսարանին՝ աշխուժ ներկայութիւն ունենալով Instagram, Facebook եւ TikTok հարթակներուն վրայ։

Հայերէն ծառայութեան գլխաւոր խմբագիր Աստրիկ Յակոբեան նշած է, որ ժամանակակից լսարանը տեղեկութիւններու մեծ մասը կը ստանայ ընկերային ցանցերու միջոցով, եւ լրատուամիջոցները պէտք է յարմարուին այդ իրականութեան՝ պահպանելով որակը եւ վստահելիութիւնը։

Նոր խմբագրութեան առաջնահերթութիւններուն շարքին են արագ լրատուական հոսքը, հաղորդման նորարարական ձեւերը եւ փաստերու ստուգման խիստ մեխանիզմները։ RFI-ի ներկայացուցիչներուն համաձայն՝ ծառայութեան նպատակը ոչ միայն վստահելի տեղեկատուութիւն տրամադրելն է, այլ նաեւ օգնել լսարանին տարբերելու կեղծ լուրերը։

Բացի այդ, հաղորդուած է, որ լրագրող Լիլիթ Շահվերդեան Մայիսի վերջէն սկսեալ պիտի աշխատի Հայաստանի մէջ՝ տեղւոյն վրայ լուսաբանելով երկրի քաղաքական զարգացումները եւ յառաջիկայ ընտրական գործընթացները։