Հայ ըմբիշ Արամայիս Յարութիւնեան (մինչեւ 130 քկ քաշային կարգ) տպաւորիչ յաղթանակ տարած է Մինչեւ 23 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան քառորդ եզրափակիչին՝ պարտութեան մատնելով Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Մազաիմ Մադրանովը։
Գօտեմարտի ընթացքին հայ մարզիկը կը պարտուէր 0։5 հաշուով, սակայն կրցած է փոխել գօտեմարտին ընթացքը եւ հաւասարեցնել հաշիւը՝ 5։5։ Վերջին միաւորը վաստակելու կանոնին համաձայն՝ յաղթանակը շնորհուած է Արամայիս Յարութիւնեանին։
Այս յաջողութեան շնորհիւ հայ ըմբիշը պիտի պայքարի պրոնզէ մետալին համար։ Երրորդ տեղի գօտեմարտին անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Ճոխար Ուզարովը։
